2015-02-10 11:52:42

Մար Մարունի տօնակատարութիւնը Հռոմի մէջ` նախագահութեամբ Մարոնի համայնքի Ռայի Պատրիարքին։


(Ռատիօ Վատիկան) Մարոնիթ եկեղեցւոյ հիմնադիր` Սուրբ Մարունի տօնին առթիւ, երկուշաբթի, 9 փետրուարին, Հռոմի Մարոնիներու Քահանայապետական վարժարանի մէջ, տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ նախագահութեամբ Մարոնի համայնքի Պատրիարք` Կարդինալ Ռայիին եւ բարձր հովանաւորութեամբ Արեւելեան ժողովի Կառավարիչ` Կարդինալ Սանտրիի։
Այս առթիւ կարդինալ Սանտրի, յաւարտ սուրբ Պատարագին պատգամ մը փոխանցեց որուն մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց Աստուծոյ որ իր ծառաներուն կը շնորհէ ուժ եւ կարողութիւն ու կը հսկէ անոնց ընթացքին վրայ, ինչպէս ըրաւ Ռայի Պատրիարքին, անոր շնորհելով շուտափոյթ առողջութիւն։
Կարդինալ Սանտրին ակնարկելով ապա օրուան ծիսակատարութեան ու սուրբի տօնին, մէջբերեց Թէոտորոս եպիսկոպոսին Սուրբ Մարունի վերաբերող խօսքեր ապա խօսքը կեդրոնացուց Լիբանանի խրթին կացութեան մասին յայտնելով, թէ '' հոն կը գտնենք զանազան բաժանումներ, եւ անկարողութիւն՝ հաստատելու համերաշխութիւն ու համաձայնութիւն։ Իւրաքանչիւր Լիբանանցի, ներառեալ քրիստոնեաները, կը փորձեն ըլլալ ուրիշներու համար դատաւորներ, առանց որդեգրելու ոչ մի քայլ դէպի ուրիշը։ Այս մէկը հիւանդութիւն մըն է որմէ կրնան վարակուիլ նաեւ եկեղեցականներն ու եկեղեցւոյ մէջ աշխատող աշխարհականները։ Սուրբ Մարունը մեցի ցոյց կու տայ սոյն հիւանդութենէն դուրս գալու միջոցները, որ է՝ զետեղել զԱստուած եւ մարդը՝ որպէս կեանքի կեդրոն, մարդը՝ որ Աստուած շատ սիրեց ու զայն փրկեց։''
Ճառի աւարտին, Կարդինալ Սանտրի, Հարիսայի Տիրամօրմէն հայցեց, որ Լիբանանի լեռան բարձունքէն պահապան կանգնի Պքէրքէի պատրիարքութեան, ինչպէս նաեւ համայն լիբանանի ժողովուրդին ու երկրին։







All the contents on this site are copyrighted ©.